Քսան հնչակեան ռահվիրաներուն նուիրուած ոգեկոչում - Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւն - Հալէպ

Քսան հնչակեան ռահվիրաներուն նուիրուած ոգեկոչում - Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւն - Հալէպ
shadow
Քսան հնչակեան ռահվիրաներուն նուիրուած ոգեկոչումը տեղի ունեցաւ Հալէպի Աղաճանեան սրահին մէջ 15.06.2025-ին, ներկայութեամբ` հալեպահայ երեք համայնքապետերուն, քաղաքական կազմակերպութիւններուն, Ս.Դ.Հ.Կ. Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի վարիչ մարմինին, գաղութիս մշակութային եւ մարզական միութիւններուն եւ հայրենակիցներու հոծ բազմութեան։

Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւն - Հալէպ 

Քսան հնչակեան ռահվիրաներուն նուիրուած ոգեկոչումը տեղի ունեցաւ Հալէպի Աղաճանեան սրահին մէջ 15.06.2025-ին, ներկայութեամբ` հալեպահայ երեք համայնքապետերուն, քաղաքական կազմակերպութիւններուն, Ս.Դ.Հ.Կ. Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի վարիչ մարմինին, գաղութիս մշակութային եւ մարզական միութիւններուն եւ հայրենակիցներու հոծ բազմութեան։

Միջոցառման բացման խօսք առաւ Տիկին Անի Թուճեան, ապա հրամցուեցաւ երգեցողութիւն Օր. Արքինա Շոհմելեանէն, ապա ընկեր Աւօ Սերչէեանէն, խմբային ասմունք Շիրազի Տանթէականէն, եւ վերջաւորութեան սրահը հայրենասիրական խանդավառ երգերով լեցուց Տ.Ո.Ե.Մ.-ի Ղօղանջ երգչախումբը ղեկավարութեամբ մաեսթրօ Ներսէս Թոփճեանի։ Ընթացքին պաստառի վրայ ներկայացուեցաւ վաւերագրական տեսաերիզ հնչակեան քսան նահատակներուն մասին։

Օրուան բանախօսն էր լիբանանահայ հրապարակախօս եւ հայագէտ ընկեր Նազարէթ Ճերեճեան, Արարատ օրաթերթի տնօրէն-խմբագիր։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նախ պատմական կողմին, ապա հնչակեան քսաններուն պատգամին եւ անկէ բխած այսօրուան խորհուրդին։ Ապա հայեացք մը նետեց Հալէպ քաղաքի կարեւորութեան վրայ որպէս հայոց արդի պատմութեան հանգրուան։ Դրական գտաւ վերջին տասնամեակի պատերազմական վիճակէն ճողոպրած հալեպահայերու հայրենիք հաստատուիլը` փայլուն օրինակ ծառայելով ներգաղթի միջոցով հայրենի տնտեսութեան մէջ ներքաշուիլը։

Ձեռնարկէն նկարներ կը տեսնէք ներքեւը։

Related to category Socialism

Related to subcategory Social Democrat Hunchakian Party

Comment on Facebook

Comment on Disqus